ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեսակցած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Էվանկելոս Վենիզելոսի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկած են Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի Հայաստան յառաջիկայ այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
Միտքեր փոխանակուած են հայ-յունական յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ։ Նախարարները կարեւորած են միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատած եւ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են տագնապի խաղաղ լուծման: