ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- Ակադեմիկոս Վիկտոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակ շնորհելու համար «Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւնների ազգային ակադեմիա» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան տրամադրելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գիտութեան պետական կոմիտէին 2014 թուականին յատկացուած է 500,000 տոլար։ 

Այս յատկացումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան 2014 թուականի ինը ամիսներուն պետական պիւտճէով նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պահեստային ֆոնտի հաշւոյն։
Այս մասին արձանագրուած է պահեստային ծախսերու տնտեսագիտական դասակարգման «Այլ ընթացիկ դրամաշնորհներ» յօդուածով: