Զօրավարժանքի առաջին մարտական գործողութիւնը կայացաւ հայ-թրքական սահմանին վրայ, ուր ոչնչացուեցաւ Օսմանիա պայմանական անունը կրող պետութենէն ներթափանցած յարձակողական խումբ մը
Հայկական ու ռուսական զօրամասերու աւելի քան 1500 զինուորներ մաս կազմեցին լայնածաւալ զօրավարժութիւններու, օգտագործելով մօտ 3 հարիւր միաւոր զրահամեքենայ, յատուկ արհեստագիտութիւն եւ սարքեր։
Զօրավարժութիւնը ղեկավարեց Հայաստանի ու Ռուսաստանի միացեալ զօրախումբի հրամանատար, գեներալ-լեյտենանտ Միխայիլ Գրիգորեանը:
Զօրավարժանքի առաջին մարտական գործողութիւնը կայացաւ հայ-թրքական սահմանին վրայ, ուր ոչնչացուեցաւ Օսմանիա պայմանական անունը կրող պետութենէն ներթափանցած յարձակողական խումբ մը: Յետոյ օդ բարձրացան անօդաչու թռչող 2 սարքեր՝ «Զաստավա» եւ «Նավոդչիկ-2»: Անօդաչու սարքերը զօրավարժութիւններուն ընթացքին հետեւեցան յատուկ նկարահանող սարքի միջոցով:
Բաւական մեծ թիւով հրետանի օգտագործուեցաւ վարժանքի ընթացքին: Տանկերէն ու յատուկ նշանակէտերէ ռմբակոծուեցան Ալագեազի սարերը: Ռուսական 102-րդ ռազմաբազայի հրամանատարի տեղակալ Պավել Օլեգսիւկը ըսաւ, թէ իրենք այստեղ՝ Ալագեազի մօտ կþօգտագործեն լրիւ ծաւալով ռեակտիվ հրետանի:
Պավել Օլեգսիւկ յայտնեց նաեւ թէ հետագային նախատեսուած են համատեղ ուսումնավարժանքներ կազմակերպել Հայաստանի ուժային այլ կառոյցներու հետ եւս։
Վարժանքները աւարտեցան երէկ։