ArmSport.am  հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Թաշքենտի մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան սկիզբին ընդամէնը մէկ շաբաթ մնացած է: Մասնագէտներու եւ համակիրներու շրջանակին մէջ ներկայիս կը

կատարուին բուռն քննարկումներ եւ զանազան տեսակի կանխատեսումներ:
Այդ իմաստով առանձնակի կերպով մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն ազատ ոճի ըմբշամարտի 65 քկ դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին թեկնածուներուն վերաբերեալ կանխատեսումները: Wrestday.ru կայքին մէջ կը նշուի աշխարհի գործող ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեանի անունը:
Նշենք, որ ներկայիս ՖԻԼԱ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ Դաւիթ Սաֆարեան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: