Եւրոպայի 2016 թուականի ոտնագնդակի առաջնութեան ընտրական փուլի առաջին՝ Տանմարք-Հայաստան մրցումը աւարտեցաւ տանմարքցի մարզիկներու յաղթանակով՝ 2-1 արդիւնքով։
Խաղի հաշիւը բացաւ Հայաստանի հաւաքականը, երբ 50-րդ վայրկեանին կոլ մը յաջողցուց կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանը։ Այսուհանդերձ սակայն, երկու կոլ նշանակեց Տանմարքի ազգային խումբը։
Հայաստանի յաջորդ մրցումը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 11ին։ Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալուի Սերպիոյ հաւաքականը։