ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիրն Այսօր».- «ՆԱԹՕի անդամ երկիրները հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան աջակցելու գործին», ըսուած է Ուելսի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի գագաթնաժողովի հռչակագիրին մէջ, զոր ստորագրած է նաեւ Հայաստանը:

Հոն նաեւ նշուած է, որ ՆԱԹՕի անդամ պետութիւնները կ՛աջակցին տարածաշրջանի, ներառեալ՝ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, ՄԱԿի եւ Հելսինքեան եզրափակիչ ուխտին հիմքերով:
113 կէտնոց փաստաթուղթին մէջ նաեւ գրուած է, որ ՆԱԹՕի անդամ պետութիւնները կը շարունակեն գործընկեր պետութիւններուն աջակցիլ, որպէսզի արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերու մէջ անոնք անկախ եւ ինքնուրոյն, ճնշումներէ եւ սպառնալիքէ զերծ որոշումներ կայացնեն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, «Երկիրն Այսօր»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ այս հռչակագիրին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ չունի:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան չէր ստորագրած 2012ին՝ Շիքակոյի մէջ, իսկ 2010ին Լիզպոնի մէջ կայացած ՆԱԹՕի գերաստիճաններու հռչակագիրը՝ բողոքելով, թէ անոնց մէջ ամրագրուած էին նոյն դրոյթները:


Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին
Յայտարարութիւն Տարածած Է

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ուելսի Նիւփորթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի խոր մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին բռնարարքներուն նկատմամբ եւ կոչ ուղղած կողմերուն աւելի պաշտօնական բանակցային հոլովոյթ թեւակոխելու:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քերրին Նիւփորթի մէջ՝ ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին ընթացքին, հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ջանքերը: Ան իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին բռնարարքներու նկատմամբ, որոնք նշանաւորեցին տագնապին ամէնէն շատ զոհեր տոած ժամանակաշրջանը 1994-ի զինադադարի հաստատումէն ի վեր:
«Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան, որ թշնամանքի դադրեցումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերեն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, պիտի նպաստեն կայունութեան հաստատման Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս նպատակով արտաքին գործոց նախարար Քերրի կոչ ուղղած է նախագահներուն խստօրէն յարգելու զինադադարը եւ լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու իրենց երկիրներու հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կոչ ուղղած է երկու երկիրնե¬ րու նախագահներուն աշխատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք յանձնառու են հիմնախնդիրի խաղաղ եւ տեւական լուծման նպատակով աջակցելու կողմերուն: Միաժամանակ՝ ան ողջունած է նախագահներու պատրաստակամութիւնը՝ լուծման հիմնական տարրերուն շուրջ երկխօսութեան շարունակականութեան հարցին մէջ:
«Քերրի հաղորդած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ մտնել աւելի պաշտօնական բանակցային հոլովոյթի մէջ՝ այնպէս, ինչպէս առաջարկած էր ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահող Զուիցերիան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուցած է, որ հոլովոյթին շարունակականութիւնը պիտի յանգեցնէ կողմերուն միջեւ վստահութեան հաստատման եւ խաղաղութեան, որուն արժանի են շրջանի ժողովուրդները», կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Նախագահներու Բանակցութիւնները Շինիչ Էին. Ուորլիք

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5ին կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, որ մէկ օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի միջնորդութեամբ կայացած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ բանակցութիւնները շինիչ եղած են, սակայն՝ առանց մանրամասնելու: Ան միայն աւելցուցած է. «Մենք պատրաստ ենք օգնելու»:


Ղարաբաղի Հարցով

«Պաքու Յոյսը Դրած Է ՆԱԹՕի
Օգնութեան Վրայ» կ'ըսէ Ալիեւ

ՊԱՔՈՒ.- Իր տեղեկութիւնները քաղելով Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէն՝ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՆԱԹՕի գերաստիճանի բացման մասնակցած է նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Ալիեւ նաեւ հանդէս եկած է ելոյթով մը՝ պնդելով, որ Ատրպէյճան՝ ՆԱԹՕի գործընկերութեան 20 տարիներուն ընթացքին, կրցած է փաստել, թէ վստահելի գործընկեր մըն է:
«Ատրպէյճան կարեւոր դեր կը խաղայ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան մէջ, իսկ տարածաշրջանային ապահովութեան ամենամեծ սպառնալիքը կը հանդիսանայ Հայաստանի վարած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, որ բըռնագրաւուած կը պահէ Ատրպէյճանի տարածքին 20 տոկոսը՝ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից 7 շրջանները», կրկնած է Ալիեւ՝ ՆԱԹՕի բեմը շահագործելով ապատեղեկատուական իր սովորական արշաւին համար:
Ալիեւ դարձեալ ընդգծած է, որ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու պայմանով:
«Մենք բարձր կը գնահատենք ՆԱԹՕի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ: Նախորդ գերաստիճաններու ընթացքին, ՆԱԹՕ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատըրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան իրաւունքին: Մենք կը հաւատանք, որ ՆԱԹՕն պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ միջազգային իրաւունքին», աւելցուցած է Ալիեւ:


Սարգսեան Կոչ Կ՛ուղղէ Ընդունելու

Մինսքի Խմբակի Բառապաշարը

ՆԱԹՕ-ի նոյն վեհաժողովին ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին հաստատած է, որ հայերը լաւ գիտեն թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ խաղաղութեան գինը

Սերժ Սարգսեանի խօսքով, այդ պատճառով երկիրը ստիպուած է գրեթէ ամէն օր պայքարիլ այդ նպատակները իրականացնելու եւ հաստատելու համար:
«Այս սրահին մէջ ընտրութիւն պիտի կատարուի երկու տարբերակներու միջեւ. կա՛մ կ՛ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը, որ կ՛երաշխաւորուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խըմբակին կողմէ եւ կը յաղթէ առողջ բանակցութիւնն ու խաղաղութեան ձգտումը, կա՛մ կրկին լուռ, խրախուսուած կը մնան այլատեացութեան խորացումը, պատերազմի հռետորութիւնն ու մարդկային կեանքեր խլող ապագայ բոլոր սադրանքները, եւ կը յաղթէ Ատրպէյճանը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Յայտնենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Նիւփորթի մէջ առիթը ունեցած է տեսակցութիւններ ունենալու ՆԱԹՕի ղեկավարութեան, ինչպէս եւ այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ։
(Լուսանկարին մէջ Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի եւ Ճէյմս Քամերոնի հետ)։


Յառաջիկային Ֆրանսայի, Հայաստանի Եւ
Ատրպէյճանի Նախագահներու Եռակողմ Հանդիպում

ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու առաքելութեան մասնակից գործընկեր երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցելութեամբ Բրիտանիա այցելած նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւփորթի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը փոխանցեց, որ երկու երկիրներու նախագահները գոհունակութեամբ խօսեցան հայ-ֆրանսական քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութեան եւ փոխադարձ շահաւէտ տարբեր մարզերու սերտ համագործակցութեան մասին:
«Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, որոնց շարքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին վերաբերող հարցեր, անդրադարձան յառաջիկային ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մասնակցութեամբ նախատեսուող եռակողմ հանդիպման: Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Հոլլանտ մտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանին մէջ իրավիճակի եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներու շուրջ», կը յայտնէ պաշտօնական աղբիւրը:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները քննարկեցին նաեւ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած երկկողմ համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցերէն բացի, զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան, երկու երկիրներու համար կարեւորագոյն հարցերուն փոխադարձ աջակցութեան: