ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Տարեկան դրութեամբ Հայաստանէն կը հեռանայ 35 հազար անձ։ Հեռանալու պատճառը հիմնականին մէջ տնտեսական է:

Թաշքենտ-Սոչի-Երեւան թռիչքով Հայաստան վերադարձաւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2015 թուականի Յուլիս 8-12 պիտի հիւրընկալէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (ՑՄԸ) 12-րդ համաժողովը, որուն խորագիրն է «20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու համեմատական վերլուծութիւն»: Այս մասին կը հաղորդէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնական կայքը:

Վաղը Հինգշաբթի 18 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ բացումը պիտի կատարուի հայրենիք-սփիւռք համահայկական հինգերորդ համաժողովին: 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ամէն տարի Հայաստանի մէջ մօտ 1500-2000 աղջկայ ծնունդը կը կասեցուի տակաւին սաղմային վիճակի մէջ, այսպիսով Հայաստան տարեկան դրութեամբ կը կորսնցնէ շուրջ 2000 ապագայ մայր, իսկ տղայ երեխաներուն նախապատուութիւնը վեց անգամ աւելի է: