Քրտական «Ռուտաւ» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Հայաստան Իրաքի հիւսիսը՝ Քրտական մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ հիպատոսարան պիտի բանայ:
Էրպիլի մէջ արդէն 26 երկիրներ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ ունին: Առաջինները՝ Ռուսաստան եւ Իրան այդ շրջանին մէջ դեսպանատուներ բացած էին 2007ին:

Ատրպէյճանի դէմ հակազդեցութեան հարցով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարէն ետք, նոյնպէս Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանն ալ, իր կարգին նշած է, թէ հայկական կողմը կը հակազդէ, կը նախաձեռնէ գործողութիւններու, բայց «դա բանակի խնդիրն է»: 

Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին մէջ պատ կը կառուցուի գիւղի դպրոցականները ատրպէյճանական գնդակոծութենէն պաշտպանելու համար:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական օդուժի ‹‹Մի-24›› ուղղաթիռը հարուածելու համար պատասխանատու են թէ՛ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:

Արցախի մէջ կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմին հետ կապուած՝ տակաւին նորութիւններ չկան, իրավիճակը կը մնայ նոյնը: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան: