Արցախի մէջ կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմին հետ կապուած՝ տակաւին նորութիւններ չկան, իրավիճակը կը մնայ նոյնը: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան:
Ինչպէս ծանօթ է, ռազմափորձերու ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ կործանուած ուղղաթիռը կը գտնուի սահմանի չէզոք գօտիի հատուածին մէջ: Հայկական կողմը իր կարելին կ'ընէ, որպէսզի վերադարձնէ զոհուածներուն դիակները: Այդ կապակցութեամբ արդէն դիմուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին:
«Նիուզ» կայքէջը տեղեկութիւններ կրցած է ձեռք ձգել ուսումնավարժական թռիչք կատարելու ընթացքին հայկական ուղղաթիռին վար առնուելուն իբրեւ հետեւանք մահացած զինուորներուն մասին։ Անձնակազմի ղեկավարն էր հազարապետ Սերգէյ Սահակեանը՝ 38 տարեկան, 1993էն ի վեր զինուած ուժերուն մաս կը կազմէր: Ան Երեւանէն էր:
Միւս զինուորը՝ աւագ հարիւրապետ Սարգիս Նազարեանը՝ 25 տարեկան է, Երեւանէն, զինուած ուժերուն մաս կը կազմէ 2006էն: Ան ոսկի մետալով աւարտած է մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական օդանաւորդութեան հիմնարկը։
Սարգիս Նազարեանի տան պահարանին վրայ զետեղուած են անոր տասնեակ պատուոյ գիրերը, գովասանագիրներն ու մետալները, որոնց մէկ մասը ստացած է դպրոցէն՝ մարմնակրթութեան մրցումներէն, ուրիշներ համալսարանէն, ինչպէս նաեւ՝ զինուած ուժերուն մէջ ծառայած տարիներուն։
Սարգիսը տան 5 զաւակներէն մէկն էր, ամուսնացած չէր:
Հարիւրապետ Ազատ Սահակեանը 24 տարեկան էր՝ Չարենցաւանէն, 2009էն ի վեր կը ծառայէր զինուած ուժերուն:
Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Անճէյ Քասփրչիկ քննարկած են սահմանին տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 16-ին ընդունեց ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիկը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք կը հարցեր:
Անդրադառնալով վերջերս ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող Պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռը զգետնելու միջադէպին‘ Արցախի նախագահը Ատրպէյճանի գործողութիւնները անուանած է ստոր եւ ապակառուցողական: Երկրի ղեկավարը նշած է, որ Ատրպէյճանի նման պահուածքը կը վտանգէ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը տարածաշրջանին մէջ եւ կը խոչընդոտէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդական ջանքերը:
Բակօ Սահակեան կարեւոր համարած է միջազգային հանրութեան խիստ եւ հասցէագրուած գնահատականի անհրաժեշտութիւնը‘ միաժամանակ նշելով, որ Ատրպէյճանի նման սադրիչ գործողութիւնները անպատասխան պիտի չմնան: