«Ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ վիճակը չի կրնար երկար տեւել: Կը ցանկանանք, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հնարաւորին չափ շուտ գտնեն երկուստէք ընդունելի լուծում, որ նաեւ համապատասխանէ հակամարտող երկիրներու ժողովուրդներու ցանկութեան”

Նոյեմբեր 11-ին «CISCO SYSTEMS» ընկերութեան զարգացման գծով նախագահ, ՀՀ Նախագահի համաշխարհային ՏՏ մրցանակի 2014թ. դափնեկիր Մարիօ Մացցոլան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ թէ Սեւանայ լիճին մէջ ազատ արձակուած է 367.000 մանրաձուկ՝ 167.000 գեղարքունի եւ 200.000 ամառային իշխան:

«Վերջին տարիներուն մեծ քանակութեամբ կեղծ աշխատանքներ կը պտտին‘ Լոնտոնի աճուրդէն սկսած: Մոսկուայի մէջ յատկապէս շատ կան այդպիսի աշխատանքներ», - «Ազատութիւն» կայանի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ թանգարանի տնօրէն Սարգսեանը:

Երէկ Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբերին, ժամը 13:45ին, ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ ուսումնավարժական թռիչքի պահուն, ատրպէյճանական զինուած ուժերու կրակին ենթարկուած ԼՂՀ ռազմաօդային ուժերու ՄԻ-24 ուղղաթիռը խոցուած ու վար ինկած է: