Ֆրանսան կը սատարէ ամէն քայլի,
որ միտուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-ֆրանսուա Շարպանտիէն:

Ինչպէս կը յայտնէ ԼՂՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 10-ին ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որու՝ Իրինա Աւանէսեանը նշանակուած է ԼՂՀ վիճակագրութեան պետական խորհուրդի անդամ (լիազօրութիւններու ժամկէտը՝ 6 տարի)։

Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանի խմբագրութեամբ իր պապ Հայկ Ղազարեանի յուշագրութեան՝ «Կեսարիոյ նախճիրները» խորագրով գիրքի շնորհանդէսը:

ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան քառօրեայ նիստերու օրակարգերը: Արձանագրուած են 120 պատգամաւորներ, քննարկելու համար նախագիծեր՝ «Շրջանառութեան հարկի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԽՕՍՔԸ

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ մեր հոգեւոր եղբայր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայրական սիրով կ’ողջունեմ մեր Եկեղեցւոյ եպիսկոսաց դասը՝ հոգեւոր իշխանները, որոնք կոչուած են առաւել եւս կենսագործելու մեր Եկեղեցւոյ կեանքը: