Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին մէջ պատ կը կառուցուի գիւղի դպրոցականները ատրպէյճանական գնդակոծութենէն պաշտպանելու համար:

Ըստ civilnet.am-ի՝ “Վիվասել-ՄԹՍ”-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի` երկաթսեմենթով բարձր պատը կը կառուցուի ընկերութեան ֆինանսներու եւ հաշուապահութեան վարչութեան աշխատակիցներու կամաւոր հաւաքագրած միջոցներով:
Շինարարական շխատանքներ իրականացնող կազմակերպութիւնը‘ “Շինտեխսերվիս” ՍՊԸ-ն, համաձայնած է անվճար իրականացնել մետաղեայ շրջանակներու եռակցման աշխատանքները:
Բերքաբերը կը գտնուի հայ-ատրպէյճանական սահմանին՝ 1,5 քմ. հեռաւորութեան վրայ: 1 Յունուար 2012-ի դրութեամբ՝ գիւղը ունի 528 բնակիչ: Բերքաբերի բնակելի հատուածին մեծ մասը հակառակորդի նշանառութեան տակ է: Այն մեծ վնասներ կը կրէ նաեւ այս տարուան Օգոստոսին, երբ ատրպէյճանական կողմը պարբերական հրետակոծութեան կ՛ենթարկէ սահմանամերձ գիւղերը:
Այս տարուան ընթացքին պաշտպանիչ պատ կառուցուած է նաեւ սահմանամերձ Այգեպարի մէջ: