ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ընդդէմ գենդերային բռնութեան ակտիւութեան 16օրեակ»ի ծիրին մէջ 25 Նոյեմբերին մօտ 4 տասնեակ քաղաքացիներ Հանրապետութեան հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազգային ժողով՝ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի նախագիծի 131 օրինակներ յանձնելու պատգամաւորներէն իւրաքանչիւրին։

Նոյեմբեր 26-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագրի միջկառավարական կոմիտէի 9-րդ նիստին որոշում կայացուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառնելու մասին Հայաստանի կողմէն ներկայացուած «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» դիմումը:

Նոյեմբեր 25-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը ելոյթ ունեցաւ Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հարցերով հետազօտական ինստիտուտին մէջ, պարզելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերը եւ մանաւանդ մատնացոյց ընելով Պաքուի անհամաչափ ռազմական ծախսերու հարցը, որ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան համար:

Հեռախօսամարաթոն 2014ը արձանագրեց 
աւելի քան 1.37 միլիոն եւրօ նուիրատուութեան խոստում

Երեւան, 25 նոյեմբերի, 2014թ.: Նոյեմբերի 19-ից 23-ը Ֆրանսիայում տեղի է ունեցել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 15-րդ համաեւրոպական դրամահաւաք-հեռախօսամարաթոնը, որն արձանագրել է աւելի քան 1.37 միլիոն եւրօ նուիրատուութիւն եւ նուիրատը-ւութեան խոստում:

Էդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական այցը Շուէտ

Նո­յեմ­բեր 24-ին մեկ­նար­կեց ԱԳ նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեա­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Շո­ւէտ: ­Նոյն օ­րը տե­ղի ու­նե­ցան Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեա­նի եւ ­Շո­ւէ­տի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մար­կօտ ­Վալսթ­րէո­մի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: