Քրտական «Ռուտաւ» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Հայաստան Իրաքի հիւսիսը՝ Քրտական մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ հիպատոսարան պիտի բանայ:
Էրպիլի մէջ արդէն 26 երկիրներ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ ունին: Առաջինները՝ Ռուսաստան եւ Իրան այդ շրջանին մէջ դեսպանատուներ բացած էին 2007ին:

Իրաքի քրտական մարզին մէջ 4.000 հայեր կը բնակին

Ապտելխալեք Սուլթան «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռի կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Տոհուք նահանգի հայաբնակ Աւզրուք գիւղի հոգեւոր հովիւ Մասիս Շահինեան «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու իրաքեան քաղաքներուն դէմ շղթայազերծած յարձակումները պատճառ դարձած են աւելի քան 150 հայ ընտանիքներու տեղահանման:
“Այդ ընտանիքները տեղահանուեցան դէպի Տոհուք, Զախօ նահանգ եւ Հաւրեզքի ու Աւզրուքի նման հայկական գիւղեր”, ըսած է ան:
Շահինեան յայտնած է. “Տեղահանուած Հայերուն մեծամասնութիւնը ներկայիս ուրիշներու նկատմամբ վստահութեան կորուստէ կը տառապի, որովհետեւ անոնք, որոնք զիրենք կողոպտեցին ու վտարեցին, իրենց դրացիներն էին, որոնց հետ երկար տարիներ ապրած էին։ Այդ պատճառով անոնց մեծամասնութիւնը չ’ուզեր իր բնակավայրը վերադառնալ, մանաւանդ որ իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցին, ապա վտարուեցան եւ իրենց կալուածները գրաւուեցան, եւ եթէ քրտական մարզի կառավարութեան ջանքերը չըլլային, անոնց ապագան շատ գէշ պիտի ըլլար”։
Աւզրուք գիւղի հայ հոգեւոր հովիւը աւելցուցած է, որ Տոհուքի արեւմուտքը գտնուող Հաւրեսզի բնակիչները տեղահանուածները հիւրընկալած են եւ տեղահանուած ընտանիքներէն ոմանք ուղղուած են Զախօ գաւառ եւ Աւզրուք գիւղ, իսկ այլ ընտանիքներ‘ Էրպիլ:
Քրտական մարզի խորհրդարանի մէջ երեսփոխան Երուանդ Ամինեան յայտնած է, որ տեղահանուած Հայերուն կացութիւնը վերջին շրջանին բարելաւուած է, սակայն կան կարգ մը ընտանիքներ, որոնք տակաւին օժանդակութեան կը կարօտին: Ան աւելցուցած է, որ կան նաեւ կարգ մը ընտանիքներ, որոնք կ’ուզեն Իրաքէն գաղթել, որովհետեւ ամէն ինչ կորսնցուցած են, հակառակ անոր, որ քրտական մարզին մէջ անոնց կացութիւնը կայուն է:
Իր ընտանիքին հետ տեղահանւած հայ կին մը‘ Ալիս Նիսան, «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ իրենք Իրաքէն պիտի չհեռանան: