Այսօր, Երեքշաբթի 18 Նոյեմբերի կէսօրուայ ժամերուն, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը ժամանէ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրու: Ան հրաւիրուած է Հայաստանի իր պաշտօնակից, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ: 

Հանդիպումներ նախատեսուած են ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու հետ:
Պաշտօնական արարողակարգէն անդին, Եանաքիս Օմիրու Էջմիածին պիտի այցելէ, Գարեգին Բ. պատրիարքի հետ հանդիպելու համար:
Պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայութեան ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանը, Կիպրոսի խորհրդարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Վասիլիքի Անասթասիատու, խորհրդարանի նախագահի գրասենեակի տնօրէն Անտոնիս Քութալիանոս եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէնուհի Էվի Խածիեանի: