Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղ աշխատանքային այցելութեան առիթով, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ հետեւեցաւ զոյգ հանրապետութիւններու զինեալ ուժերու «Միասնութիւն-2014» գործնական-մարտավարական ռազմափորձերուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով՝ ցուցադրուեցաւ «հրասայլային երկամարտ»:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները նոյն զօրավարժարանի դիտաշտարակէն հետեւեցան նաեւ մարտական հրաձգութեան հանգրուանին, այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ռազմափորձի, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ընթացքին աւելի աշխուժ մասնակցութիւն բերած զինուորական ծառայողներու պարգեւատրման արարողութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց զինեալ ուժերու սպաներն ու զինուորները՝ պայմանական մարտադաշտին մէջ ցուցաբերած խիզախութեան, մարտական բարձր ունակութիւններու եւ լայնածաւալ այս ռազմափորձերը յաջողութեամբ աւարտելու առիթով: «Աւարտին կը մօտենան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու համագործակցութեան ծիրին մէջ երբեւէ տեղի ունեցած մեծագոյն, լայնածաւալ, ամէնէն օգտակար ռազմափորձերը, եւ հակառակ ցաւալի դէպքին, ես կը նկատեմ, որ ռազմափորձերը յաջողութեամբ ընթացած են: Դուք ցուցաբերեցիք բարձր մարտական ունակութիւններ, կամք եւ հայրենիքին հանդէպ նուիրուածութիւն: Ապրի՛ք, շնորհակալ եմ ձեզմէ», դիմելով ռազմափորձերու մասնակիցներուն‘ ըսաւ Սերժ Սարգսեան:
«Անշուշտ, ձեզի կը հետեւէին նաեւ օտարները եւ նախ եւ առաջ անոնք, որոնք մեզ թշնամի կ՛անուանեն, որոնք միջոցներու միջեւ տարբերութիւն չեն դներ եւ ի վիճակի են կացնահարել քնացած մարդը, որոնք ի վիճակի են դժուարին դրութեան մէջ յայտնուած եւ իրեն վտանգ չներկայացնող ուղղաթիռ ոչնչացնել: Ատիկա իրենց գործն է: Դուք ձեր գործը լաւ կը կատարէք: Մենք բոլորս կը յիշենք ամէն ինչ, եւ պիտի հասնի հատուցման օրը: Ես բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ եւ հիմա ալ կը կրկնեմ՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ 90-ականներու սկիզբը սանձազերծուած պատերազմը արդիւնք էր նաեւ այն բանին, որ անոնք մեզի թերագնահատեցին: Անոնք կը մտածէին, որ Ղարաբաղի, Հայաստանի դէմ կռուիլը կարճ եւ հաճելի զբաղմունք է, ֆլեշմոպի պէս բան մը՝ հաւաքուեցանք, բան մը սարքեցինք, նկարուեցանք ու ցրուեցանք: Վե՛րջ, ֆլեշմոպ պիտի չըլլայ: Հաճոյք եւ զբօսանք պիտի չըլլայ: Եւ վստահ եմ՝ պատերազմ պիտի չըլլայ, որովհետեւ դուք կաք, որովհետեւ դուք ուժեղ էք, որովհետեւ դուք կանգնած էք այստեղ», յայտնեց ան: