Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի Պորուսիոյ ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանը «Ֆոր ֆոր թու» պարբերականի վարկածով՝ 2014 թուականի լաւագոյն 100 մարզիկներու ցանկին մէջ 84րդ դիրքի վրայ է:

Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի գործադիր վարչութեան պետ, զօրավար Արտակ Դաւթեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբը կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու գործնական խումբերու հետ ՀԱՊԿ-ի միացեալ հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ երէկ եւ այսօր տեղի ունեցող ռազմագործնական խաղին եւ գիտագործնական համաժողովին:

Երէկ կանուխ առաւօտեան Հայաստանի ամբողջ տարածքին ձիւն սկսաւ տեղալ: Սեւանի, Դիլիջանի, Գաւառի, Սիսիանի ճանապարհներուն եւ Վարդենեաց լեռնանցքին (Մարտունիի կողմը) տեղ-տեղ մերկասառոյց կայ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խորհրդարանի վաւերացման ներկայացուցած է Հայաստանի՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելու վերաբերեալ համաձայնագիրի վաւերացման օրինագիծը:

Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան նկատմամբ վերջերս ձեռնարկուող սահմանափակումներու առնչութեամբ: Այդ մասին՝ ըստ  Tert.am-ի՝ յայտարարած է ԱՄՆ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Ճեն Փսակին լրագրողներու հետ հերթական ճեպազրոյցի ընթացքին: