Էդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական այցը Շուէտ
Նոյեմբեր 24-ին մեկնարկեց ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական այցելութիւնը Շուէտ: Նոյն օրը տեղի ունեցան Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօտ Վալսթրէոմի բանակցութիւնները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար` Էդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ վերջին տարիներուն զգալիօրէն աշխուժացած են երկկողմ յարաբերութիւնները, որ արտացոլուած է փոխայցելութիւններու, քաղաքական երկխօսութեան անմիջականութեամբ, Երեւանի եւ Սթոքհոլմի մէջ դեսպանութիւններու հիմնադրմամբ: Հայաստանի եւ Շուէտի ԱԳ նախարարներու բանակցութիւններու օրակարգին էին հայ-շուէտական երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը, միջազգային հրատապ խնդիրները: Տարածաշրջանային խնդիրներու քննարկման ծիրէն ներս նախարարները մտքեր փոխանակեցին ուքրանական ճգնաժամի եւ անոր կարգաւորման ուղիներուն շուրջ:
Անդրադառնալով հայ-շուէտական երկկողմ յարաբերութիւններուն` նախարար Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Շուէտի հետ համագործակցութեան զարգացմամբ եւ ընդլայնմամբ, որոնց համար լուրջ նախադրեալներ կան: Նախարարները համակարծիք էին, որ դեսպանութիւններու բացումը նոր խթան պիտի հաղորդէ երկկողմ փոխգործակցութեան խորացման:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարարի խնդրանքով Էդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: Այս ծիրէն ներս Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծեց. “Այս պահին կարեւոր է յաղթահարել այն խիստ բացասական իրավիճակը, որը ստեղծուել է Փարիզի գագաթաժողովից անմիջապէս յետոյ Պաքուի կողմից իրականացուած սադրիչ գործողութիւնների` ատրպէյճանական զինուժի կողմից Արցախի պաշտպանութեան բանակի` ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի խոցման եւ անձնակազմի անդամների զոհուելու հետեւանքով”:
Էդուարդ Նալպանտեան Մարկօտ Վալսթրէոմին հրաւիրեց այցելել Հայաստան:
Նոյն օրը Սթոքհոլմի պատմական Ազնուականութեան պալատին մէջ` Ռիտտարհիւսէթի մէջ, տեղի ունեցաւ Շուէտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Շուէտի կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Ռիքստակի անդամներ, Սթոքհոլմի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, հասարակական գործիչներ, շուէտահայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Հանդիսութեան ելոյթներով հանդէս եկան ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ Շուէտիայի ռազմավարական զարգացման նախարար Քրիստինա Փերսոնը: Խօսքին մէջ նախարարը անդրադառնալով հայ-շուէտական յարաբերութիւններու անցեալին եւ ներկային, ըսաւ. “Բարձրացնելով Հայաստանի դրօշը Շուէտիայի Թագաւորութեան մայրաքաղաքում` նշանաւորելու հայկական դեսպանութեան պաշտօնական բացումը, մենք արտայայտում ենք մեր ձգտումը` նոր մակարդակի բարձրացնելու երկկողմ յարաբերութիւնները: “Չնայած այն հանգամանքին, որ հայ-շուէտական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուել են 22 տարի առաջ, կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որ մեր ժողովուրդները առնչուել են դեռ վաղ միջնադարից:
16-17 դարերում Արեւելքը Շուէտիային կապող առեւտրական ճանապարհը հայ վաճառականների ակտիւութեան շնորհիւ յաճախ կոչուել է “հայկական ճանապարհ”:
Էդուարդ Նալպանտեան Հայաստանի դեսպանութեան մէջ հանդիպեցաւ շուէտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն: