Նոյեմբեր 14-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանի «Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» երկլեզու (հայերէն, թրքերէն) մենագրութեան շնորհահանդէսը: 500 տպաքանակով տպագրուած գիրքին խմբագիրն է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը:
Թրքագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի փոխնախագահ Ռուբէն Մելքոնեան շնորհաւորելով հեղինակն ու գիտական հանրութիւնը գիրքի լոյս ընծայման առթիւ՝ նշեց, որ հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը հայագիտութեան կարեւոր խնդիրներէն է, այն հարցերէն է, որոնք անընդհատ ուսումնասիրութեան կարիք ունին, քանի որ տակաւին համակողմանի կերպով ուսումնասիրուած չեն: Նիւթը, ըստ Ռ. Մելքոնեանի, կը գտնուի գերքաղաքականացած վիճակի մէջ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ եւ օրակարգային, արդիական հարց է այդ երկրի թէ՛ քաղաքական համակարգին մէջ եւ թէ՛ հասարակական-գիտական քննարկումներուն ընթացքին: «Կրօնափոխ հայերուն խնդիրը կ’առնչուի քանի մը գիտական բնագաւառներու՝ պատմագրութիւն, թրքագիտութիւն, ազգագրութիւն եւ այլն, ուստի հետազօտողին համար բաւականին բարդ է այս բոլոր բնագաւառներուն ընձեռած հնարաւորութիւնները օգտագործելով՝ ներկայացնել համակարգուած, կուռ աշխատանք, ինչ որ յաջողած է ընել Հայկազուն Ալվրցեանը: Հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան հետ, եւ գիրքը պէտք է դիտարկել նաեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պարունակին մէջ», յայտնեց Մելքոնեան՝ շեշտելով, որ թրքական արխիւները, հայկական տարբեր աղբիւրներ հարուստ են փաստերով, որոնք կ’ապացուցեն բռնի կրօնափոխութեան բազմաթիւ դրուագներ:
Համշէնագէտ, «Համշէն» հայրենակցական միութեան փոխնախագահ, «Ձայն համշէնական» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սերգէյ Վարդանեան նկատել տուաւ, որ մենագրութիւնը հետաքրքրական է թէ՛ ուսանողութեան, թէ՛ լրագրողներուն եւ թէ՛ հանրութեան համար:
Գիրքի հեղինակ Հայկազուն Ալվըրցեան ընդգծեց, որ մենագրութիւնը պատրաստած է որպէս տեղեկագիր, որ հետաքրքրուողներուն մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ կրօնափոխ հայերուն խնդիրները: Գիրքին մէջ կը ներկայացուի Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայերու կրօնափոխութեան քանի մը կարեւոր դրուագներու համառօտ պատմութիւնը: Առանձին գլուխ յատկացուած է համշէնահայերու եւ Տէրսիմի հայերու կրօնափոխութեան խնդիրին: Առաւել հանգամանօրէն կ’արծարծուին Հայոց ցեղասպանութեան շրջանը եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս նաեւ՝ կրօնափոխ հայերու արդի խնդիրները եւ անոնց նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վերաբերմունքը:
Գիրքի շնորհահանդէսին անակնկալ էին մշեցի հայերը, որոնք ձեռնարկին մասնակցելու համար եկան Մուշէն: Հայկ Ասլանը Թուրքիոյ մէջ հիմնած է «Տարօն» հայրենակցական միութիւնը: Ան պատմեց, որ Մուշ քաղաքին մէջ իշխանութիւնները որոշած էին քանդել               հայկական գերեզմանատունը, ուր, ըստ Հայկ Ասլանի, թաղուած է նաեւ Գէորգ Չաուշը: «Տարօն» հայրենակցական միութեան բողոքի ցոյցերուն շնորհիւ միայն հայկական գերեզմանատունը կարելի եղաւ փրկել կործանումէն:
Մշեցի Արմէն Գալուստ պատմեց, որ փոքր հասակին քիւրտ մը ծեծած է զինք՝ անուանելով «կեաւուր»: Երեխան լալով գացած է տուն եւ մեծ հօրմէն իմացած է, որ ինք իսկապէս հայ է: Արմէն Գալուստ ըսաւ, որ շնորհակալ է այդ ծեծողին, քանի որ ան բացայայտեց իր ակունքներն ու հայ ըլլալը: Մշեցի հայերուն նուիրուեցաւ «Կրօնափոխ հայերի խընդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» թրքերէն մենագրութեան 100 օրինակ: Անոնք բարձր գնահատեցին աշխատութիւնը, քանի որ անիկա պիտի օգնէ նման հայերուն՝ ճանչնալու իրենք զիրենք եւ իրենց ակունքները:
«Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» մենագրութիւնը հրատարակուած է Հայաստանի նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան՝ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրին մէջ, «Մշակոյթ եւ հասարակութիւն» հասարակական կազմակերպութեան իրականացուցած ծրագիրին իբրեւ արդիւնք: Անիկա թրքերէնի թարգմանուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից Տիրան Լոքմակէօզեանի կողմէ: