Հայաստանի կառավարութիւնը Դեկտեմբեր 4-ի իր նիստին հաստատած է 2013 թուականի Յունիս 25-ին ստորագրուած “ՀՀ-ի եւ ՌԴ-ի միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան զարգացման մասին” պայմանագրի կիրառման կարգը:

Հայաստանի ազգային ժողովը քուէներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վաւերացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնութիւնը:

Կողմ քուէարկած է 103 պատգամաւոր, դէմ 7՝, ձեռնպահ՝ մէկ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը 4 Դեկտեմբերին քուէարկութեամբ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան 2015ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պանդոկներուն եւ այլ կացարաններուն մէջ տեղաբաշխուած ներքին զբօսաշրջիկներուն թիւը Յունուար-Սեպտեմբեր 2014ին կազմած է 785 հազար 180 մարդ, ինչ որ 2013ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով 33.7 տոկոսով աւելի է:

Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով Ո­ւա­շինկ­թըն գտնո­ւող ԼՂՀ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղու­լեան ԱՄՆ Քոնկ­րե­սին մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է քոնկ­րե­սա­կան­նե­րու եւ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին հետ: