Արցախի զարգացման նուիրուած ֆորում տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ

Մոսկուայի «Ռումս» հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու եւ գործարար շրջանակներու ֆորում, Ղարաբաղի նկատմամբ նոր ալիքի ձեւաւորման հզօր ազդակ դառնալու նպատակով:

Համայնքի հետաքրքրութեան ու համակրանքի գրաւման համար ԼՂՀ ղեկավարութիւնը պարզ ու հասկնալի կերպով խօսեցաւ իր ծրագրերուն մասին:
Ֆորումի գլխաւոր գործող անձը՝ ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանն էր, որ հանդէս եկաւ «Արցախի ներդրումային հնարաւորութիւնները եւ տնտեսական զարգացման հեռանկարները. ծրագրեր եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ» զեկուցումով:
Ան բնականօրէն, առանց աւելորդ գոյներու եւ բացթողումներու նկարագրեց, թէ ինչ բարդ իրավիճակի մէջ հարկադրուած է աշխատելու Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը եւ բնակչութիւնը: Պատերազմի վերսկսման մշտական վտանգը ի վիճակի չէ կանգնեցնելու տնտեսութեան աճը, ինչ որ կը հանդիսանայ Ղարաբաղի իրական անկախութեան առարկայական հիմքը:
Ա. Աղաբեկեանի ցուցադրած աղիւսակով պարզ ու հասկնալի էր, թէ ինչպէս տարիէ-տարի կը կրճատուի Հայաստանի ֆինանսական օգնութիւնը, ինչպէս կ'աճի սեփական ֆինանսական ապահովութիւնը: Այնուամենայնիւ, Արթուր Աղաբեկեանի խօսքերով,Արցախը ունի դեռ չգործարկուած հնարաւորութիւններ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ:
Արթուր Աղաբեկեան յայտնեց թէ 2014ի Դեկտեմբեր 28-ին տեղի պիտի ունենայ Ազգային վիճակախաղի երկրորդ խաղարկութիւնը: Անցեալ տարուայ մէջ վիճակախաղի միջոցներով կարելի եղաւ Իշխանաձորի մէջ կառուցել տուներ եւ բազմանդամ ընտանիքներու համար ստեղծել նոր աշխատատեղեր:
Ամփոփելով հանդիպումը, Ֆորումի կազմակերպիչ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեանը նշեց, որ ԼՂՀ փոխ վարչապետի հետ երկխօսութիւնը, ԼՂՀ կառավարութեան ծրագրերու հետ ծանօթութիւնը ցոյց կուտայ, որ կան բազմաթիւ ձեւեր, որոնք թոյլ կուտան իրացնելու այն բարոյական ու հոգեւոր պարտքը, որը իւրաքանչիւր հայ կը զգայ Արցախի նկատմամբ: