- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը սեփական վերլուծութեամբ հանդէս գալով, հաստատած է թէ տարուայ վերջաւորութեան նախատեսուած գնաճի ցուցանիշը քիչ հաւանական է որ 5%ի (արդէն նախատեսուած) չափանիշէն վեր անցնի:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներու խումբը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներուն հետ, երէկ սկսաւ երկու երկիրներուն միջեւ «Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգի ստեղծման մասին» համաձայնութեան նախագիծը քննարկելու եւ վերջնականապէս համաձայնեցնելու աշխատանքը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Գրեթէ միաձայնութեամբ Ռուսաստանի խորհրդարանի ստորին պալատը՝ Պետական Տուման երէկ վաւերացուց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵՏՄ) Հայաստանի անդամակցութեան մասին պայմանագիրը։ 450 պատգամաւորներէն դահլիճ ներկայ էին 441-ը, բոլորն ալ կողմ քուէարկեցին, բացառութեամբ մէկ հոգիի:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստան այցելեց Ուրուկուայի Արեւելեան Հանրապետութեան փոխնախագահ, Գլխաւոր Ասամպլիայի Սենատի նախագահ Տանիլօ Աստորիի: Ան հանդիպում ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ինչպէս նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կանխած է հակառակորդին ձեռնարկած հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւն մը։ Ըստ հաւաստի աղբիւրներու՝ հայկական կողմը կանխարգիլող հարուած հասցուցած է, եւ հակառակորդը 5-7 զոհ տուած է:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հակառակորդին կողմէ