Նոյեմբեր 26-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագրի միջկառավարական կոմիտէի 9-րդ նիստին որոշում կայացուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառնելու մասին Հայաստանի կողմէն ներկայացուած «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» դիմումը:

2013 թուականին ներկայացուած դիմումը անցած է համաձայնագրով սահմանուած ընթացակարգային փուլերը՝ ստանալով փորձագիտական դրական եզրակացութիւն։
Այսպիսով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկը համալրուեցաւ հայկական եւս մէկ՝ չորրորդ մշակութային արժէքով:
Դիմումը պատրաստուած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի կողմէ։
«Հայկական աւանդական հացը՝ լաւաշը, հայկական խոհանոցի անբաժանելի մասն է։ Անոր պատրաստումը կը պահանջէ մեծ ջանքեր, համապատասխան գործողութիւններ ու յատուկ հմտութիւններ, կ'ամրապնդէ ընտանեկան կապերը, համայնքային եւ սոցիալական յարաբերութիւնները։ Լաւաշ պատրաստելու համար կիները կը հաւաքուին միասին, տղամարդիկ եւս կը մասնակցին այս գործընթացին՝ ստեղծելով պայմաններ ու գործիքներ լաւաշը պատրաստելու համար։ Լաւաշով սովորաբար կը փաթթեն տեղական տիպի պանիրը, բանջարեղէնները եւ միսը։ Ըստ աւանդութեան՝ լաւաշը հարսնիքի ժամանակ կը զետեղեն նորապսակներու ուսերուն վրայ, որպէսզի անոնք բարեկեցիկ ապրին» գրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի հաղորդագրութեան մէջ։

Բուրաւէտ, ախորժաբեր լաւաշը հայոց հացերու արքան է։ Լաւաշի քաղցրութիւնը պայմանաւորուած է դարեր շարունակ այս քարքարոտ հողէն դժուարութեամբ հաց քամելու արդար վաստակով, ինչպէս սովորաբար կ'ըսուի՝ քարէն հաց քամելով։
Հայկական խոհանոցը հնագոյններէն մէկն է Ասիոյ մէջ եւ ամէնահինը՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս, իսկ հայկական խոհանոցի առանձնայատկութիւնները բացայայտուած են Քրիստոնէութենէն հազար տարիներ առաջ եւ գրեթէ անփոփոխ պահպանուած հետագայ երեք հազար տարիներու ընթացքին։
Ջեռոցի (թոնիր) եւ սպասքի (խեցեղէն) տեսակը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է խոհարարական գիտութեան, սննդակարգի եւ յատկապէս հայկական տափակ հաց կոչուող լաւաշի վրայ։
Լաւաշը իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի սննդակարգի առանձնայատուկ եւ կարեւոր մասն է։ Այն կþեփի հին հայկական աւանդոյթին համաձայն, գետնափոր, կաւէ ջեռոցի մէջ, որ կը կոչուի թոնիր։ Գետնափոր, կաւէ թոնիրը, որպէս ջեռոց եւ որպէս ջերմամշակման գործիք, հայկական խոհանոցի առաջին գործիքներէն է։