ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական խումբին կողմէ նախաձեռնուած‘ Հայաստան-Ուրուկուէյ յարաբերութիւններուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին, խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին, աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարած է:

Իսրայէլի հայ համայնքը սպասողական վիճակի մէջ է, Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հոկտեմբերին ակնկալուող Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քննարկումներուն պատճառով: Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան յայտնած է, թէ  Հայ Դատը կապի մէջ է  խորհրդարանի կրթական յանձնաժողովի անդամներուն հետ եւ տեղեակ է նորագոյն զարգացումներէն:

Ուրբաթ 5 Օգոստոսի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արիսթոթելուս փողոցի կեդրոնատեղիին մէջ, կայացաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ յոյն ասորիներու միութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը: Ասորիներու միութեան կողմէ ներկայ էին Յունաստանի Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս եւ հանրածանօթ պատմաբան-լեզուաբան Միքայէլ Մամօ, որ Շուէտի կրթական նախարարութեան մէջ բարձր պաշտօն կը վարէ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին, նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ առաջարկուած Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ շրջանցեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի (Նիւ Ճըրզիէն) հարցումները։

Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբ մնացած հայ երեխաներուն մասին պատմող «Ցեղասպանութեան որբերը»  փաստագրական շարժանկարը Telly միջազգային մրցանակաբաշխութեան ժամանակ արժանացած է «Արծաթ» մրցանակին, որ Telly-ի բարձրագոյն պարգեւն է: