127  թեր  եւ  86  դէմ  քուէներով

Աւելի քան 5 ժամ տեւած բուռն  քննարկումներէ յետոյ, ծերակուտականները նախ ճնշող մեծամասնութեամբ՝ 179-86 յարաբերակցութեամբ, դէմ արտայայտուեցան Իրաւական հարցերու յանձնաժողովի մտահոգութիւններուն,  ըստ որոնց, օրինագիծի որոշ դրոյթներ հակասահմանադրական էին:

Թրքական «զօրաշարժն» ու սպառնալիքները անտեսելով Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժերը՝ նախագահ Սարքոզիի կուսակցութիւնը եւ ընդդիմադիր ընկերվարականները, կը հաւաստիացնեն թէ հաստատ կը մնան իրենց որոշումին եւ կողմ պիտի քուէարկեն բանաձեւին։

Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը Ֆրանսայի Ծերակոյտինի կողմէ քուարկութեան դրուելուն օրը՝ Երկուշաբթի 23 Յունուարին, Ֆրանսայի թուրքերը ցոյց պիտի կազմակերպեն Ծերակոյտի շէնքին առջեւ: Այս անգամ թուրքերը առանձին պիտի չըլլան: Նոյն օրը ցոյց կազմակերպելու համար՝ հայերը նոյնպէս սկսած են պատրաստուիլ։ 

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան  «Հայ-ատրպէյճանական երկխօսութեան այլընտրանքային տեղեկատուութիւն» նախագիծին մասին խօսելով՝ կարծիք յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիր նկատել:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ  ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ  ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱՄԱՁԱՅՆ  Է  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ


Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժան Փիեռ Պել  Ուրբաթ, Յունուար 13ին յայտարարած է, որ թէեւ ինք շատ համաձայն չէ պատմական նիւթերով օրէնքներու, սակայն Ֆրանսայի ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին:

22 Դեկտեմբեր 2011ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտի մէջ
տեղի ունեցած քուէարկութեան պահուն