Ուրբաթ 5 Օգոստոսի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արիսթոթելուս փողոցի կեդրոնատեղիին մէջ, կայացաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ յոյն ասորիներու միութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը: Ասորիներու միութեան կողմէ ներկայ էին Յունաստանի Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս եւ հանրածանօթ պատմաբան-լեզուաբան Միքայէլ Մամօ, որ Շուէտի կրթական նախարարութեան մէջ բարձր պաշտօն կը վարէ:

Միքայէլ Մամօ մեծ ներդրում ունեցաւ ասորիներու հարցերու միջազգայնացման գործընթացին մէջ: Ան աւելի քան 35 տարի աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է ասորիներու քաղաքական հարցերու քարոզչական աշխատանքներուն մէջ եւ իր օժանդակութիւնը բերած Շուէտի խորհըրդարանի Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեանց ճանաչման բանաձեւի ընդունման:
ՀՅԴ Հայ Դատի կողմէ ներկայ էին Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան եւ անդամ ընկ. Գրիգոր Ճանիկեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը՝ ընկ. Գասպար Կարապետեան:
Փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ասորիներու հարցերու  զարգացման հոլովոյթը՝ Հայկական Հարցի ճանաչման գործընթացին եւ փորձառութեան ընդմէջէն:
Քննարկուեցան նաեւ ապագայի գործակցութեան հնարաւորութիւնները միջազգային կազմակերպութիւններու եւ յատկապէս Եւրոպական Խորհրդարանի շրջանակներու ծիրէն ներս: