Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը լոյս ընծայած է Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած թուրք ղեկավարներէն Թալէաթ փաշայի վերջերս յայտնաբերուած տեղեկագիրն ու անկէ առաջ գտնուած փաստաթուղթերու հաւաքածոն:

Գանատայի մէջ հրատարակուող «Ապագայ» եռալեզու շաբաթաթերթին փոխանցումով հատորը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ այդ օրերուն օսմանեան իշխանութիւնները ինչպէ՛ս կազմակերպած են Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղահանութիւններու քողին տակ: Ըստ Թալէաթ փաշայի տուեալներուն, 1,150,000 հայեր «անհետացած են 1915-1917-ի միջեւ»: