Իտալական AGI (Agenzia Giornalistica Italia) լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յուլիս 5-ին, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նստավայր Վատիկանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Վատիկանի գաղտնի արխիւներու դիւանապետ Սերճիօ եպիսկոպոս Փականօ յայտարարած է, թէ
2012-ի Փետրուարին, Վատիկանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ցուցադրուին պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող 100 գաղտնի արխիւներ, որոնք երկար տարիներ ի պահ դրուած էին Վատիկանի գաղտնադարանի նկուղներուն մէջ:
Եպիսկոպոս Փականօ անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց մօտ գտնուող արխիւներուն մասին, լրագրողներուն յայտնած է, թէ իբրեւ մարդ խոր ամօթ կը զգայ պատմութեան այդ դառնաղէտ էջը յիշելով: Ան նկարագրած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին կարգ մը փաստաթուղթերու մէջ արձանագրուած պատմութիւններ, որոնցմէ մէկը կը պատմէ, թէ ինչպէս յղի հայուհիներու որովայնները սուրով ճեղքելով, թուրք զինուորներ դուրս կը բերէին դեռ չծնած երեխաները եւ գրաւի գալէ ետք թէ անոնք ինչ սեռի կը պատկանին, կը սուինահարէին նորածինները:
Ցուցադրուելիք արխիւներուն մէջ պիտի ըլլան 8-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դար պատահած պատմական իրադարձութիւններու եւ դէպքերու փաստաթուղթեր: