Թրքական «Վաթան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու գերապայծառ Սերժիօ Փականօ յայտարարեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի գաղտնի փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին մէկ գիրքի մէջ:
Այս յայտարարութիւնը եկաւ լրացնելու անցեալ Հինգշաբթի օր, Վատիկանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին, ուր առաջին անգամ ըլլալով տեղեկացուած էր տրամադրուող գաղտնի արխիւներուն մասին:
Փականօ տեղեկացուց, որ փաստաթուղթերը մասնաւորապէս կը վերաբերին 1894-1897 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրականացած ջարդերուն: Վատիկանի արխիւներու պատասխանատուն նշեց, որ այդ ժամանակաշրջանին Հռոմի Լեւոն ԺԳ. պապը յորդորած է սուլթան Ապտուլ Համիտը գթասրտութիւն ցուցաբերելու եւ դադրեցնելու հայերուն դէմ իրականացուող սպանդը:
Գերապայծառ Փականօ հայկական ջարդերուն վերաբերեալ «Վաթան»ին տրամադրած է ականատեսի երկու վկայութիւններ, որոնք հրապարակուած են թերթին կողմէ: