ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին, նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ առաջարկուած Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ շրջանցեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի (Նիւ Ճըրզիէն) հարցումները։
Մենենտեզի այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտա՞ծ է՝ զայն «Մեծ Եղեռն» սխալ արտասանելով, Ռիքարտոնէ պատասխանած է. «Ես կողմնակից եմ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ օգտագործուող՝ հայերուն յայտնի «Մեծ Եղեռն» բնորոշման, որ կը նկարագրէ 1915ին տեղի ունեցած ողբերգութիւնը, երբ մէկ ու կէս միլիոն տղամարդ, կանայք եւ երեխաներ մահացան աքսորի ճանապարհին վրայ»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, գնահատելով ծերակուտական Մենենտեզի կեցուածքը՝ յայտնեց, որ «Նիւ Ճըրզիի եւ ամբողջ Ամերիկայի հայերը կը գնահատեն այն վճռականութիւնը, զոր ցուցաբերած է ծերակուտական Մենենտեզ՝ դեսպան Ռիքարտոնէին հարցեր ուղղելով եւ մեր կառավարութենէն անկեղծութիւն պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրի վերաբերեալ: Ցաւօք, այսօր դարձեալ ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս մեր երկրի դիւանագիտական բարձրագոյն ներկայացուցիչները եւս մէկ անգամ դիմեցին բառախաղերու եւ խուսափեցան ճշմարտութենէն: Ճշմարտութիւնը նպատակայարմարութիւն չէ, մարդու իրաւունքները չեն վաճառուիր», ըսաւ Համբարեան, աւելցնելով, որ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարին մէջ ԱՄՆի դիրքորոշումը պէտք չէ սակարկութեան դրուի՝ արտաքին ուժերու ճնշումներուն տակ: