Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբ մնացած հայ երեխաներուն մասին պատմող «Ցեղասպանութեան որբերը» փաստագրական շարժանկարը Telly միջազգային մրցանակաբաշխութեան ժամանակ արժանացած է «Արծաթ» մրցանակին, որ Telly-ի բարձրագոյն պարգեւն է:
Շարժանկարի բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան ԱՄՆ-ի «Ազպարէզ» օրաթերթի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ շարժանըկարը ներկայացուած է նաեւ New York City Filmmakerÿs Festival փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ 27-28 Օգոստոսին:
«Ցեղասպանութեան որբերը» փաստագրական շարժանկարը իր մէջ կը ներառէ Միսաք Քելեշեանի հետ հարցազրոյցը, որուն ուսումնասիրութիւնները կը գաղտնազերծեն Պէյրութի մօտ գտնուող Այնթուրա որբանոցի գաղտնիքները, ուր թրքացուած են 1000 հայ որբեր։ Շարժանկարին մէջ ներկայացուած են նաեւ որբերու յիշողութիւնները: