Իսրայէլի հայ համայնքը սպասողական վիճակի մէջ է, Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հոկտեմբերին ակնկալուող Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քննարկումներուն պատճառով: Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան յայտնած է, թէ  Հայ Դատը կապի մէջ է  խորհրդարանի կրթական յանձնաժողովի անդամներուն հետ եւ տեղեակ է նորագոյն զարգացումներէն:


Խօսելով Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեանց մասին,  Սեւան ընդգծեց, որ վերջերս անոնք զգալիօրէն բարձրացած են: «Կը կարծեմ, որ այսօր Իսրայէլը կը փորձէ օգտագործել Հայկական Հարցը, Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար», կարծիք յայտնած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուն, ընդգծելով, որ Հայկական Հարցի նկատմամբ վերջին տարիներու իսրայէլեան քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները անկիւնադարձային էին, յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքին մէջ: