Հանդիպում՝ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետ Ափոսթոլոս Ծիծիգոսթասի հետ

Փետրուար 20-21ին, երկօրեայ խորհրդաժողով մը տեղի կ'ունենայ Թեսաղոնիկէի մէջ, նուիրուած՝ հայերու ջարդարար Ապտիւլ Համիտին: Խորհրդաժոովը կազմակերպուած է Թրքական Պատմագիտական Ընկերութեան կողմէ, որ փորձեց բայց չյաջողեցաւ՝ որեւէ յունական գիտական միութեան համակազմակերպումը ապահովել:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարեւոր, խորհրդանշական թուական է, սակայն աշխատանքներու իմաստով Հայաստանը եւ մասնաւորաբար Հայ դատի գրասենեակները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը 2015-էն ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆ

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը հաղորդէ թէ պատուիրակութիւն մը այցելած է Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցած Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի հետ: Հանդիպման նպատակն էր դեսպանին հետ արծարծել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ որոշումը:

«Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներուն հետ կապուած ծրագիրներու մշակման գործընթացը ընթացքի մէջ է, եւ մօտիկ ապագային, այդ ծրագիրները պատրաստ պիտի ըլլան», ըսած է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նամակ յղած է Քաթրին Աշթընին, զարմանք յայտնելով Եւրոպական Միութեան այն որոշումին կապակցութեամբ, որ Ուքրանիոյ ճգնաժամի որպէս լուծում, կը պատրաստուի նիւթական աջակցութեան առաջարկ ներկայացնել Եւրոպական միութեան դեսպաններուն: