Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վիճակը ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը ծանր բնութագրեց, քանի որ բանակցութիւններուն մէջ կողմերէն մէկը՝ Ատրպէյճանը, չի փափաքիր համաձայնիլ միջազգային հանրութեան, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կողմէ առաջարկուող լուծման տարբերակին եւ կը փորձէ փոխել մօտեցումները:
Հետեւելով բանակցութիւններու ընթացքին՝ Կիրօ Մանոյեանը այն տպաւորութիւնը ստացած է, որ կողմերը երկու տարբեր լեզուներով կը խօսին: Հայաստանը եւ համանախագահող պետութիւնները մէկ լեզուով կը խօսին, Ատրպէյճանը՝ մէկ այլ: «Ցանկացած հարց Ատրպէյճանն իրեն նպաստաւոր պայմաններով եւ որոշ վերապահումներով է պատկերացնում» կ'ըսէ ան:
ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահներու վերջին այցելութիւնը տարածաշրջան Մանոյեանը բնութագրում է անարդիւնաւէտ, քանի որ կարծես թէ խաթարւում է գործընթացի շարունակականութիւնը:
Մանոյեանի ներկայացմամբ, համանախագահներու ինստիտուտը պէտք է ինքն իրեն արդարացնէ՝ գտնէ նոր լուծումներ, հնչեցնէ նոր առաջարկներ: «Համանախագահներու այսօրուայ մօտեցումն այն է, որ իրենք կեղծ հաւասարութիւն են դրել կողմերի միջեւ եւ չեն ուզում տեսնել ու ընդունել, որ գործընթացը խափանող մօտեցում կայ Ատրպէյճանի կողմից:
Գիտակցելով հանդերձ, որ յաղթելու շանս չունի, Ատրպէյճանն այնպիսի քայլեր է ձեռնարկում, որոնք կարող են յանգեցնել նոր պատերազմի»,- «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի պահուն ըսած է Մանոյեանը:
Ըստ իր խօսքերուն՝ համանախագահող պետութիւնները շարունակաբար կը հանդուրժեն Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը: Անոնք ոչ քայլերու կը ձեռնարկեն Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, ոչ ալ անհրաժեշտ միջոցառումներ կþիրականացնեն՝ զսպելու համար Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններն ու քայլերը: «Սա վտանգաւոր է դարձնում իրավիճակը: Որքան յետաձգուի խաղաղութեան ամրագրումը, այնքան ապակայունացման վտանգը կը շատանայ: Կարգաւորումը պէտք է բանակցութիւնների միջոցով իրականացուի: Ատրպէյճանը պէտք է հասկանայ, որ իր սանձազերծած պատերազմի հետեւանքները պէտք է իր վրայ զգայ»,-ըսած է Մանոյեանը՝ նշելով նաեւ, որ համանախագահող պետութիւնները, Ատրպէյճանի հետ որոշակի ընդհանուր շահեր ունենալով, չեն ուզեր նեղացնել իրենց ու կը հանդուրժեն անհանդուրժելին, եւ յայտարարուած սկզբունքներուն դէմ քայլերու կը ձեռնարկեն: «Այս կերպ նրանք նպաստում են ոչ միայն սահմանին լարուածութեան ուժեղացմանը, այլեւ վտանգում տարածաշրջանի կայունութեանը: Նրանք դա հասկանում են, սակայն այլ կեցուածք դրսեւորում»,-նկատեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
Միջազգային հանրութիւնը եւ մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ Մինկսի Խումբի պետութիւնները այլ երկիրներու մէջ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ այլ պահուածք ունեցած են: Քոսովոյի, Աբխազիայի կամ Հարաւային Օսէթիայի պարագային միջազգային հանրութեան դիրքորոշումն ալ այլ էր:
«Քոսովոյի պարագայում երկու տարին բաւական էր, որպէսզի Արեւմուտքը հասկանար՝ բանակցութիւններն առաջընթաց չեն ունենայ, կողմերը դիրքորոշում չեն փոխի, եւ միջազգային համայնքը քայլեր ձեռնարկեց: Ռուսաստանը Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսէթիայի հարցով նոյն մօտեցումը դրսեւորեց: Մինչդեռ Ղարաբաղի դէպքում նրանք ակտիվօրէն աշխատում են ճանաչման քաղաքականութեան դէմ»:
Այս կապակցութեամբ Կիրօ Մանոյեանը նշեց թէ ըստ իր կարծիքին բանակցութիւններուն զուգահեռ, հայկական կողմը պէտք է երկու ճակատով աշխատի՝ բարեփոխէ ժողովրդագրական վիճակը եւ քայլերու դիմէ որ պիտի ապահովեն Արցախի միջազգային ճանաչումը:
«Պարզ է , որ որեւէ պետութիւն չի համաձայնի ամբողջական ճանաչում տալ միանգամից՝ հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ համանախագահող երկիրները դէմ են, սակայն պէտք է նպաստենք, որ Արցախին պարտադրուող մեկուսացման իրավիճակը փոխուի, եւ Արցախը որպէս պետական միաւոր հնարաւորութիւն ունենայ կապ հաստատելու արտասհամանի ամենատարբեր միաւորներու հետ»,- ըսաւ Հայ դատի քաղաքական հարցերու պատասխանատուն:
Այս առնչութեամբ, 2013-էն սկսած ճանաչման գործընթացին զուգահեռ Մանոյան կþառաջարկէ կեդրոնոնալ շատ յստակ գործակցութիւններու վրայ, որոնք, բացի որոշումներէն եւ յայտարարութիւններէն, նոր որակ պիտի բերեն ճանաչումներուն եւ պիտի նպաստեն Արցախի եւ տուեալ պետութեան հասարակութեան միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան: