Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի 
Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, պատմակշիռ քայլ մը առաւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ՝ 70 թեր եւ 1 դէմ քուէով վաւերացնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող AJR-32 բանաձեւը:

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակէն ներս, անցեալ Չորեքշաբթի 30 Ապրիլի երեկոյեան, հանդիպում տեղի ունեցաւ «Անկախ Յոյներ» (ԱՆԵԼ) քաղաքական կուսակցութեան եւրոընտրութիւններու թեկնածու Փանաեոթիս Սղուրիտիսի հետ, ընդառաջելով թեկնածուի կողմէ ներկայացուած խնդրանքին։

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան գլխաւոր հիւրը դարձաւ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «Մինալ Արտ» յայտագրին։

Ե՛ւ հայ, ե՛ւ Թուրքիոյ իրականութեան մէջ կայ ընդհանուր ակնկալիք՝ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ անոր ընդառաջ՝ իննսունիննամեակին, արդեօք որ պետութիւնները պիտի ճանչնա՞ն զայն, եւ արդեօք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ տեղաշարժ պիտի ըլլա՞յ:

Եւրոպական խորհրդարանը Մայիս 2014-ի կայանալիք ընտրութիւններէն առաջ, անցեալ շաբաթավերջին իր վերջին լիագումար նիստին ընթացքին Սուրիոյ մասին բանաձեւ մը որդեգրեց, մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն,