Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն իսկ, Հալէպի հայկական համայնքը, գտնուելով կառավարական եւ ընդիմմութեան ուժերուն ընդհարումի գօտիին միջեւ, մինչեւ այսօր կ'ապրի ծանր օրեր, տալով տասնեակներով զոհեր, հարիւրաւոր վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ կրելով հսկայական վնասներ համայնքային եւ սեփական կառոյցներու:

Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը կը շարունակէ ճնշում գործադրել Պարաք Օպամայի վարչակարգին վրայ, որպէսզի ուղիղ պատասխան ստանայ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ աւանի վրայ յարձակման գործին մէջ Թուրքիոյ դերին վերաբերեալ: 

Կիրակի, Յունիս 1ին, կ.ե. ժամը 3էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9, ուղղակի պատկերասփռուած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին ի նպաստ թելեթոնին ընթացքին, կարելի եղաւ աւելի քան 2 միլիոն տոլարի (2,021,763) նուիրատուութեան խոստումներ ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր թափով շարունակել Հայ Դատի պաշտպանութիւնը՝ տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ:

Երկուշաբթի 19 Մայիսի երեկոյեան ժամերուն, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կեդրոնատեղիէն ներս, հանդիպում տեղի ունեցաւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան եւրոերեսփոխանուհի եւ դարձեալ եւրոընտրութիւններու թեկնածու՝ տիկին Ռոտի Քրացայի հետ: