Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը յաջողեցաւ կանխել Ատրպէյճանի հերթական հակահայկական սադրանքը: Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգին մէջ, որ նախագահ Օպամայի ծննդավայրն է, օրէնսդիրները մերժեցին Ատրպէյճանի հովանաւորած հակահայկական բանաձեւերը

«Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նահանգային օրէնսդիրներուն՝ «Դէմ արտայայտուելու Ամերիկայի քաղաքացիական կեանքին մէջ Ատրպէյճանի փտած բռնապետ Իլհամ Ալիեւի արտաքին միջամտութեան»:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի առաջնահերթ խնդիրը՝ Տողու Փերինչեքի գործով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկ ման հարցն է:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վիճակը ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը ծանր բնութագրեց, քանի որ բանակցութիւններուն մէջ կողմերէն մէկը՝ Ատրպէյճանը, չի փափաքիր համաձայնիլ միջազգային հանրութեան, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կողմէ առաջարկուող լուծման տարբերակին եւ կը փորձէ փոխել մօտեցումները:

Յունուար 30, 2014-ին, Ռումանիոյ Հայ Դատիյանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, եւ ռումանահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ եպիս. Յակոբեանի հրաւէրով, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ժան Իւպեր Լեպեթի հետ, Առաջնորդարանէն ներս: