«Երբ նախագահը կ՛ըսէ, որ ինք պիտի շարունակէ աշխատիլ այն ուղղութեամբ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացուի, ատիկա արդէն բաւարար հիմք է հաւատալու նախագահին, յատկապէս որ այդ յայտարարութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ մէջ», ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ռումանիայէն ու Լեհաստանէն ետք, տեղի ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի ստեղծումը Աւստրիայի մէջ: Այս առթիւ, Մարտ 18-ին, մայրաքաղաք Վիէննայի մէջ կազմակերպուած միջոցառման, որպէս հրաւիրեալներ ներկայ էին Աւստրիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեանը, Աւստրիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Անտրեաս քահանայ Իսախանեանը, Աւստրիոյ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

«Մեծցնել ԱՄՆ-ի օգնութիւնը Հայաստանին եւ Ղարաբաղին
եւ դադրեցնել՝ Ատրպէյճանին»

Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը (ANCA) կոչ ուղղած է ամերիկահայերուն՝ ելեկտրոնային նամակներու միջոցաւ դիմել ծերակուտականներուն եւ երեսփոխաններուն, խնդրելով աջակցութիւն ցուցաբերել երկու կարեւոր հարցերու շուրջ:

Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշավայի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, հիմնուեցաւ Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, բաղկացած նուիրեալ եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մասնակից դառնալու պատրաստակամ անձերէ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեան եւ Խաչօ Աշաճեան խորհրդարանին ներկայացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը՝ թիւ 1915, որ կոչ կ՛ընէ նահանգային վարժարաններու 7-12 դասարաններուն համար Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու: