Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարեւոր, խորհրդանշական թուական է, սակայն աշխատանքներու իմաստով Հայաստանը եւ մասնաւորաբար Հայ դատի գրասենեակները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը 2015-էն ետք:
Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որ պէտք է ուժերը լարել եւ պատրաստուիլ 2015-ին, հիմնականին մէջ ուղղուած է միջազգային հանրութեան, քանի որ անոնք այդ ուղղութեամբ լուրջ վտանգներ կը տեսնեն:
«100-ամեակը վերջը չէ, եւ ատիկա բոլորն ալ կը հասկնան, սակայն խորհրդանշական է եւ միջազգային հանրութեան պիտի ստիպէ սկզբունքային մօտեցում ունենալ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հարցին մէջ: Այդ պատճառով Թուրքիան մտահոգ է: Անոնք կը հասկնան, որ ամէն առումով մթնոլորտը բացասական է իրենց համար», նկատել տուաւ ան:
Եթէ տարիներ առաջ Թուրքիա 2015 թուականը կ՛անուանէր «Հայկական ցունամի», ապա վերջին շրջանին թրքական իշխանութիւնները կը խուսափին տուեալ արտայայտութիւնը օգ- տագործելէ:
Կիրօ Մանոյեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ այսօր հայկական կողմը աւելի աշխուժ է, Հայ դատի գործունէութիւնը՝ նոյնպէս: