Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը յաջողեցաւ կանխել Ատրպէյճանի հերթական հակահայկական սադրանքը: Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգին մէջ, որ նախագահ Օպամայի ծննդավայրն է, օրէնսդիրները մերժեցին Ատրպէյճանի հովանաւորած հակահայկական բանաձեւերը

«Տուեալ քուէարկութիւնը հզօր ազդանշան էր, որ Ատրպէյճանի փտած
եւ ոչ ժողովրդավար նախագահ Իլհամ Ալիեւ, հակառակ
խաւիարային դիւանագիտութեան վրայ վատնած  միլիոններուն,
չի կրնար  ձայներ հաւաքել այնտեղ՝ ԱՄՆի մէջ»,
նշեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի
յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան

Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը յայտնեց, որ երկու բանաձեւերն ալ կողմնակալ եւ փաստերու տեսանկիւնէն թերի եղած են: «Մենք կը ցանկանք շնորհակալութիւն յայտնել հանդուրժողականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ իրենց նուիրուածութեամբ յայտնի Ալոհա նահանգի ներկայացուցիչներուն՝ Պաքուի աճպարարական ջանքերը կանխելու իմաստութեան համար: Այսօրուան քուէարկութիւնը հզօր ազդանշան էր, որ Ատրպէյճանի փտած եւ ոչ ժողովրդավար նախագահ Իլհամ Ալիեւ, հակառակ խաւիարային դիւանագիտութեան վրայ վատնած միլիոններուն, չի կրնար ձայներ հաւաքել այնտեղ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ», նշեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան:
Հաուայի վարչական միաւորի Ներկայացուցիչներու տան վեթերաններու, ռազմական, միջազգային հարցերու եւ մշակոյթի ու արուեստի կոմիտէն երէկուան քննարկումներուն ժամանակ մերժեց երկու հակահայկական բանաձեւեր, զորս ներկայացուցած էր կոմիտէի նախագահ Մարք Թաքէյ:
Կը նշուի, որ նահանգային ներկայացուցիչ Ռիթա Քապանիլան տեղական «Սիվիլ Պիթ» լրատուամիջոցին յայտնած էր, որ «բանաձեւերը առաջ կը մղուին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի կողմէ»: «Սիվիլ Պիթ» հետագային յայտնած էր, որ նախորդ տարուան մայիսին քոնկրեսական Քապանիլա եւ նախագահ Թաքէյ այցելած են Ատրպէյճան, որուն կառավարութիւնը մօտ 8000 տոլար ծախսած էր օրէնըսդիրներու ճամբորդութեան համար:
Քննարկումներուն ժամանակ քննարկումներ ունեցան տեղւոյն հայկական համայնքի անդամներ Արփինէ Ֆիլեան, Արթուր եւ Անի Մարտիրոսեաններ, որոնց ձայնն ալ ազդած էր որոշման վրայ: Բացի անկէ, քննարկումներուն նախորդող օրերուն կոմիտէին ուղարկուած են բանաձեւերուն ընդդիմացող հարիւրաւոր նամակներ եւ վկայութիւններ:
Նշենք, որ 7 Ապրիլ 2009-ին օրինական ուժի մէջ մտած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որով Հաուայ դարձած է Միացեալ Նահանգներու 42-րդ նահանգը, որ պաշտօնապէս ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հաուայի նահանգին մէջ ծնած ու մեծցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա, եւ նոյնինքն այդ փաստաթուղթը պաշտօնապէս ընդունելու օրը Օպամա պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա կը գտնուէր: