ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նամակ յղած է Քաթրին Աշթընին, զարմանք յայտնելով Եւրոպական Միութեան այն որոշումին կապակցութեամբ, որ Ուքրանիոյ ճգնաժամի որպէս լուծում, կը պատրաստուի նիւթական աջակցութեան առաջարկ ներկայացնել Եւրոպական միութեան դեսպաններուն:
«Այդ նիւթական աջակցութեան գումարը պիտի տրամադրուի խումբ մը նուիրատու երկիրներէ, որոնց մէջ է նաեւ Ատրպէյճանը: Շատ մեծ հիասթափութիւն է տեսնել Ատրպէյճանի անունը այնպիսի երկիրներու, ինչպիսին են Նորվեկիան, Ճափոնը, Ամերիկայի միացեալ նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, նոյն ցանկին վրայ։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծումը ինչքան անհրաժեշտութիւն է ներկայիս, եւ ձեր դերը բարձր կը գնահատելի է, սակայն տեսնել Ատրպէյճանը ժողովրդավարութիւն պաշտպանող նուիրատու երկիրներու հետ նոյն ցանկին վրայ, պարզապէս անհեթեթութիւն է» գրած է նամակին մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի նախագահը։
Եւրոպական միութիւնը յայտնի է իր խիստ հետեւողականութեամբ ժողովրդավար եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ, եւ պարզապէս պէտք չէ թոյլ տալ բռնակալ երկրի մը հանդիսանալ նուիրատու, այլ երկրի մը մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու գործին մէջ։
Նամակը կը շեշտէ թէ «նուազագոյնը, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ ընել Ուքրանիոյ համար փոխանցման այս շրջա-նին՝ զերծ մնալն է Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութենէն եւ նիւթական աջակցութենէն։ Մենք յոյս կը յայտնենք, որ Եւրոմիութիւնը պիտի չդաւաճանէ իր ժողովրդավարական արժէքները եւ զգօնութեամբ պիտի ընդունի համագործակցութեան իր որոշումները, փոխանցման շրջանի մէջ գտնուող երրորդ երկիրներու հետ»: