Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի աշխատակիցները, ականաւոր ֆոլքլորիստ Տիգրան Չիթունիի Փարիզէն Երեւան ուղարկուած արխիւներուն մէջ գտած են Կոմիտաս վարդապետի երեք անտիպ երգերը՝ գրի առնուած՝ իր աշակերտներէն Թումաճանի կողմէ։
Երգերը Վասպուրականի ժողովրդական մեղեդիներուն կը նմանին եւ ստեղծուած են 1912-1914-ին։ Վերջին տարիներու ընթացքին, Կոմիտասի արխիւները մեծապէս հարստացած են Թուրքիայէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն եւ այլ երկիրներէ ուղարկուած թանկարժէք վաւերագրերով անտիպ նամակաները (1905-1913), նշանաւոր «Կռունկը», որուն ձայնանիշերը գրուած են ուղղակի իր ձեռքով, ինչպէս նաեւ քանի մը ձայնային եւ դաշնակի գործեր։ Կոմիտասի արխիւներուն մէջ ներկայիս կը գտնուին հազար չորս հարիւր ձեռագիրներ, նամակներ, լուսանկարներ եւ այլ փաստաթուղթեր։
Երեւանի մօտերը գտնուող Կարմիր-Բլուրի բարձունքներուն վրայ, ուր 25 տարիներէ ի վեր պեղումներ կը կատարուին, Թեղեպանի Բերդաքաղաքին մէջ երեւան բերուած են ուրարտական սեպաձեւ գիրեր կրող քարեր։ Պեղումները գլխաւորող երկրաբան Փիոթրովսկիի կարծիքով, այդ գիրերը կը հաստատեն, թէ Թեղեպանի գոյութիւն ունեցած է մեր թուականէն առաջ՝ եօթներորդ դարուն։ Հայաստանի հողամասին վրայ նախապէս յայտնաբերուած գրութիւններէն աւելի երկար է նոր գտնուածը, որ ներկայիս ուրարտագէտներու կողմէ կþուսումնասիրուի։ Գիտնականներու կողմէ ամբողջ քառորդ դար շարունակուող այս պեղումները առատ ծանօթութիւններ հայթայթած են ուրարտական մշակոյթի մասին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յուշարձաններու։ Երկրաբաններու նպատակն է հայկական պետութիւնը նախորդող Ուրարտուի աւերակները ուսումնասիրելով հասկնալ եւ յայտնաբերել կեանքի հետագայ հանգրուանները։