Ֆիքսի նորակառոյց «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի Արշալոյս-Ջամալեան խումբի նոր եղանակի առաջին պարհաւաքոյթը, ի ներկայութեան անդամ-անդամուհիներու։

Ներկայ էին նաեւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի Կեդր. վարչութեան եւ քոյր խումբերու վարչութեանց ներկայացուցիչները։ Կարգադիր Յանձնախումբը, նախապէս, մեծ հոգածութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կատարած էր պէտք եղած պատրաստութիւնները։ Որոշեալ ժամուն, նախագահը քանի մը խօսոք հաւաքոյթին բացումը կատարելով՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ապա՝ գործադրութեան դրաւ օրուան կոկիկ յայտագիրը։ Առաջին առթիւ, ապրումով յաջող արտասանութիւն ըրաւ ընկ. Վահրամ Դանիէլեան։ Յետոյ կարգը եկաւ օրուան դասախօս ընկ. Անդրանիկ Շարապխանեանին, որ ըրաւ շատ լաւ պատրաստուած դասախօսութիւն մը, «Հայ ցեղի ծագումը» նիւթին շուրջ։ Ընկերը գեղեցիկ կերպով ներկայացուց պատմական ծագումը մեր ժողովուրդին, անգամ մը եւս մեր յիշողութեան մէջ թարմացնելով հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութեան համար մեր նախահայրերու մղած պայքարները, կրած պարտութիւնները եւ տարած յաղթանակները, մեզի առիթ մը ընծայելով որ՝ հպարտ զգանք զմեզ՝ այդպիսի նախահայրերու արժանաւոր ժառանգորդները ըլլալնուս, քանի որ ազատատենչ անոնց ոգին կþապրի մեր մէջ ալ։ Ընկ. Արքուհի Խոշմաթեան խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ, իր արտասանութեամբ։ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Յ. Մեքթուպճեան խօսելու հրաւիրուեցաւ։ Ընկերոջ խօսքերը արթնցուցին կորովով աշխատելու ոգին եւ այդ աշխատանքի ընթացքին բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելու կամքը։ Երեկոն շարունակուեցաւ պարերով ընկերակցութեամբ մեծ մասով խումբի անդամներէն կազմուած նուագախումբին։