Հայ օգնութեան միութեան Երուսաղէմի մասնաճիւղին հիմնադրութեան 30-ամեակը տօնուեցաւ 8 Սեպտեմբեր 1962-ին, բարձր հովանաւորութեամբ Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեանի:
Լիբանանէն «Ազդակ» օրաթերթ կը յայտնէ թէ օրուան բանախօսն էր Անդրանիկ Ուրֆալեան, որ հիւրաբար քաղաք կը գտնուէր: Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը՝ օրուան իմաստին համապատասխան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութի բոլոր կարեւոր ուժերը: Բեմը բացուեցաւ ՀՕՄ-ը ներկայացնող կենդանի պատկերով: Վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Յովհաննէսեան կարդաց հակիրճ եւ խնամուած տեղեկագիր մը՝ ներկայացնելով ՀՕՄ-ի երեսնամեայ գործունէութիւնն ու կեանքը: Ապա երգչախումբը Համբարձում Գալայճեանի ղեկավարութեամբ, երգեց«Մարալ-մարալ» եւ «Իմ հեռաւոր հայրենիք» երգերը: Իվան Դանիէլեան մեներգեց «Երգիր ինձ համար»-ը յուզական ձայնով մը: Անի Գրիգորեան ապրումով արտասանեց «Լուսաւորչի կանթեղը»: Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Ա. Ուրֆալեան, որ կուռ եւ դաստիարակիչ բանախօսութեամբ վեր առաւ հայ կնոջ դերը պատմութեան մէջ: Շեշտը դնելով մանաւանդ մեր ներկայ պայմաններուն՝ լայնօրէն բացատրեց, թէ ի՛նչ ունի կատարելիք հայ կինը: Բանախօսը իր խօսքերը վերջացուց խելայեղ ծափահարութիւններու տարափին տակ: ՀՄԸՄ.ի պարախումբը ստեղծեց արտակարգ խանդավառութիւն: Տոհմիկ պարերը շուտով ստեղծեցին մագնիսացած մթնոլորտ մը: Յայտագիրը վերջ գտած էր, երբ օրուան ատենապետը հրաւիրեց պատրիարքը, որ փակման խօսքը ընէ: Սրբազան հայրը իր ծանօթ պերճախօսութեամբ եւ հայրենասիրական սքանչելի ոգիով իր խօսքը ուղղեց կայ կնոջ, ու մանաւանդ ՀՕՄ-ին, որ պատնէշի վրայ կանգնած՝ իր պայքարի Շուշանիկներու, Սանդուխտներու ոգիով՝ ձուլման վտանգին դէմ: Պատրիարք հօր խօսքերը խոր տպաւորութիւն թողուցին ներկաներուն վրայ, որոնք չուզեցին բաժնուիլ սրահէն: