Վերջին թղթատարով ստացուած պոլսահայ թերթերէն կը տեղեկանանք թէ՝ թուրք կառավարութիւնը արգիլած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոսին եւ պոլսահայ պատուիրակութեան Հայաստան մեկնումը,

ուր անոնք պիտի մասնակցէին Վազգէն Կաթողիկոսի կողմէ հրաւիրուած Ազգային-եկեղեցական համագումարին։ Շնորհք պատրիարք այս մասին պաշտօնական յայտարարութիւն մը ըրած է Պոլսոյ Թաղական խորհուրդներու եւ խնամակալութիւններու ներկայացուցչական ժողովին, մասնաւորաբար շեշտելով. «Ծանօթ էր բոլորիս, թէ Ս. Էջմիածնէն մասնաւոր հրաւէր ստացուած էր պատուիրակութեամբ մը մասնակցելու Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան վերջաւորութեան Ս. Էջմիածնի մէջ։ Այս առթիւ, կազմուած է պատուիրակութիւն մը, անդամներու ցանկը եւ դիմում կատարուած էր պետական իշխանութեան՝ անհրաժեշտ արտօնութիւնը ձեռք ձգելու հմար։ Կառավարութիւնը, որոշ օրէնքներու եւ որոշումներու հիման վրայ, պատասխանած է թէ՝ պիտի չկարենանք պաշտօնապէս Ս. Էջմիածին երթալ մեր պատգամաւորներով»։ Հակառակ պատրիարք հօր կողմէ յիշեալ ժողովէն առաջ կատարուած կրկնակի յայտարարութիւններուն, թրքական թերթերը մեծ աղմուկ բարձրացուցած են՝ «Հայոց Պատրիարքը Ռուսիա կ'երթայ», «Հայոց պատրիարքը կրօնական համագումարի պիտի մասնակցի եղեր» յատկանշական խորագիրներուն ներքեւ։ Ասկէ զատ, թուրք թերթրը գրգռիչ լուրեր սկսած են հրատարակել Հայաստան մեկնիլ ուզող հայերու թիւը մեծ կոտորակներու հասցնելով։ «Մարմարա» հերքելով թուրք թերթերու դիտումնաւոր լուրերը, կը շեշտէ թէ՝ «կառավարութիւնը անպատեհ նկատած ըլլալով պատգամաւորութեան Հայաստան այցելութիւնը, Պատրիարքը հրաժարած է այդ այցելութենէնէն։