Օգոստոսի սկիզբը, Երեւանի մէջ բացուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան գործադիր կոմիտէին լիագումար նիստը:

Այդ առիթով  Հայկական հեռագրական գործակալութեան թղթակիցներէն մէկը՝ Վ. Նազիրեան տեսակցութիւն մը ունեցած է ակադեմիկոս Վ. Համբարձումեանի հետ՝ Խորհ. Միութեան աստղագիտութեան ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին: Կու տանք Հայաստանի վերաբերեալ հատուածը: - Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիային մաս կազմող Բիւրականի աստղագիտարանին մէջ զետեղուեցաւ Շմիթի դրութեամբ գործող մէկ մեթր դիտանցք ունեցող հազուագիւտ հեռադիտակ մը, որ լոյսի ուժի տեսակէտէն աշխարհի ամէնէն մեծն է: Ասկէ զատ, դիտակը ունի աշխարհի ամէնէն խոշոր նկարելու գործիքը, որուն շնորհիւ կարելի է միաժամանակ լուսանկարել բազմահազար շատ թոյլ աստղեր ու դիտել հսկայական տիեզերական պայթումներ, որոնց զօրութիւնը միլիառներով աւելի է ջրածինով ռումբերու պայթումներէն: Նոր դիտակին օգնութեամբ քաշուած են բազմաթիւ նկարներ, որոնք այժմ մանրակրկիտ կերպով կ՛ուսումնասիրուին Բիւրականի մէջ: Բիւրականի մէջ առաջին անգամ ըլլալով վերլուծեցինք անկայուն աստղերու այն երեւոյթները, որոնք կապուած են աստղային ճառագայթման նոր տեսակին հետ, այսինքն՝ «ոչ ջերմային» ճառագայթումին, որ կը բխի յիշեալ աստղերու արտաքին շերտերէն եւ կը կրէ չափազանց փոփոխական բնոյթ:

Հայ մշակութային կեանքին վերաբերեալ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը բովանդակեն Մոսկուայի եւ Վարշաւայի համալսարաններու համեմատական լեզուագիտութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Լեւոն Մսերանցի դիւանները: Ասոնք վերջերս Մոսկուայէն Երեւան փոխադրուած են գիտնականին քրոջը կողմէ: Դիւաններուն մէջ կան արժէքաւոր նամակներ՝ Սմբատ Շահազիզէն, Նորայր Բիւզանդացիէն, Անթուան Մէյէէն, Հենրիխ Հիւպշմանէն, ակադեմականներ Նիկողայոս Մառէն եւ Հրաչեայ Աճառեանէն: