Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութեան օրը, Հիւսիսային Յունաստանի հայութեան համար, ազգային մեծ հաւաքոյթի օր մը դարձաւ այլեւս։

Շաբաթներ առաջ, ուխտաւորները պրն. Կարապետ Գասպարեանի խանութի դռան առջեւ կարգ կը սպասէին որ արձանագրուին։ Այս տարի եւս երեք փուլման լեցուն մեր հայրենակիցներով ուղղուեցան դէպի Գավալա, Սուրբ Խաչ եկեղեցին։ Հոն արդէն հասած էին Աթէնքի, Աղեքսանդրուպոլսոյ, Գոմոթինիի, Քսանթիի եւ Տրամայի ուխտաւորները։ Եկեղեցին եւ քովի սրահը լեզուն էր մեր հայրենակիցներով։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ շրջանի երկսեռ երգչախումբին կողմէ, որը շատերուն համար  հաճելի անակնկալ մը եղաւ։ Հիւրաբար Յունաստան գտնուող Թեհրանի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Արտակ Ս. արք. Մանուկեանի քարոզէն ետք, Սահակ սրբազան հայրը բացատրեց խաչին իմաստը, մանաւանդ հայկական խաչինը, խոր տպաւորութիւն գործելով ամէնուն վրայ։ Եկեղեցական աւարտումէն վերջ, տեղի ունեցաւ մատաղաբաշխում՝ բոլոր ուխտաւորներուն։ Եօթը հարիւրի մօտ ծրարիկներ բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։ Եկեղեցիէն ուղղուեցան կանխորոշուած ճաշարանը, ուր պատրաստուած էին հայկական ճաշեր։ Երեկոյեան ժամը 5-ին սկսաւ հանդէսը։ Խոր ապրումով գեղեցիկ արտասանութիւններ ըրին՝ Թեսաղոնիկէէն օր. Արաքսի Աբէլեան եւ Գոմոթինիէն՝ օր. Ազնիւ Չիլինկիրեան։ Ապա խօսելու հրաւիրուեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամներէն տոքթ. Արշակունի, որ վեր առաւ այս տեսակ հաւաքոյթներու կարեւորութիւնն ու օգտակարութիւնը՝ ազգային տեսակէտով։ Շեշտեց թէ՝ այս տեսակ համախմբուները կ'ապացուցանեն մեր տոկունութիւնն ու տեւելու կամքը։ Ճիշդ այդ պահուն, քովի զօրանոցէն լսուեցան թմբուկի ձայներ։ Ֆրիտերիքի թագուհին Քսանթիէն Գավալա կուգար իր աղջկան՝ իշխանուհի Իրինիի հետ։ Այս թմբակահարութիւնը կ'իմացնէր թէ՝ հիւրերը կը հասնէին։
(Շար.) ։