Ամսթերտամէն (Հոլանտայի մայրաքաղաք) կը   գրեն.- Դեկտեմբեր 2-ին Ամսթերտամի «Միներվա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեր տարեկան ժողովը, ուր ընտրուեցան գաղութի վարչութեան նոր անդամները:

Ժողովի ընթացքին ատենադպրուհին տուաւ վարչութեան գործունէութեան զեկուցումը, իսկ գանձապահը ըրաւ տարեկան հաշուետուութիւնը: Զեկուցումէն եւ հաշւետուութենէն ի յայտ եկաւ, որ վարչութիւնը 1962-ի ընթացքին ունեցած է գոհացուցիչ գործունէութիւն: Այս տարի Հոլանտայի հայ գաղութը Ս. Ծնունդը տօնեց ճիշդ օրին: Ս. Ծնունդի առթիւ յատկապէս հրաւիրուած էր Նիկոլեան վարդապետ, որ Ս. պատարագ մատուցանեց: Հայր սուրբին ներկայութենէն օգտուելով՝ տեղի ունեցաւ նաեւ տէր եւ տիկին Յովհաննէս Մինասեաններու աղջնակին մկրտութիւնը՝ կնքահայրութեամբ տէր եւ տիկին Նուպար Եսայեաններու: Նոյն օրը, երեկոյեան, մասնաւոր վարձուած սրահի մը մէջ, գաղութին հայութիւնը առիթը ունեցաւ մէկ քանի ժամ հայկական ջերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ապրելու: Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ հիւրաբար Հոլանտա գտնուող աթենահայ սիրուած երգչուհի Արուս Գրիգորեան, որ իրեն եղած հրաւէրին սիրով ընդառաջելով, երգեց հայկական եւ յունական քանի մը երգեր:

Ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի  կեանքը գեղարուեստական գիծերով ներկայացնող վէպ մը գրուած է Լ. Վակների կողմէ, ռուսերէն, որուն հայերէն թարգմանութիւնը՝ «Պատմութիւն նկարիչ Այվազովսկու մասին», լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, Ս. Սահակեանի եւ Գ. Էլբակեանի թարգմանութեամբ: «Ընտիր երկեր» խորագրին տակ հրատարակուեցաւ արեւմտահայ արդի գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն՝ Լեւոն Բաշալեանի գործերուն հաւաքածոն: Գիրքը կը բովանդակէ գրագէտին լաւագոյն գործերը, ժամանակագրական կարգով: Տիգրան Չէօկիւրեանի «Վանքը» վիպակը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1915-ին, Պոլիս, լոյս տեսաւ վերջերս Հայաստանի մէջ: