Գալիֆորնիա ժամանած է ընկ. Սիմոն Վրացեան եւ Փետրուար 10-ին խօսած է Փետրուարեան ապստամբութան տօնակատարութեան, որուն նախաձեռնակ եղած է «Հայկ. Դատի Յանձնախումբը»։
Ընկեր Սիմոն Վրացեան, Գալիֆորնիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով եւ շրջանի բոլոր կոմիտէներու ընկերներու ներկայութեան զեկուցում մը ըրած է Միջին-Արեւելքի Միջազգային եւ Ազգային հարցերու ներկայ գոյավիճակի մասին եւ յայտնած մեր կազմակերպութեան մօտեցումը անոնց։ Ընկեր Սիմոն Վրացեան գլխաւոր բանախօսը եղած է նաեւ «Ասպարէզի օրուան» զոր Հ. Յ. Դ. Սան Ոգին Հովտի միջվարչականը կազմակերպած է թերթին 55-ամեակին առթիւ։
Մելպըրնէն ետք, ուր հայ գաղութը ունի իր սեփական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Սիտնիի գաղութը եւս ձեռնարկած է սեփական եկեղեցիի մը գնման։ Աւստրալիական այս քաղաքին մէջ արդէն գաղութը ունի իր գերեզմանատունը։ Կը մնայ գնումը եկեղեցիի շէնքին, որուն համար հանգանակութեան ձեռնարկուած է արդէն։ Միւս կողմէ, Մելպըրնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է առաջին Ս. Պսակի խորհուրդը։ Պսակուած են ֆրանսահայ Ալպէր Խերեան եւ յունահայուհի Զապէլ Գասապեան։
Ֆրանսայի կրթական նախարարութեան առաջարկով եւ Շքանշաններու Պաշտօնական Տեղեկագրի 1963 Փետրուար 9-ի յիշատակութեամբ, պրն. Սարգիս Տէր Պալեան պատուուած է «Փալմ Աքատեմիք» շքանշանի ասպետութեան կարգով՝ Արուեստանքի Ուսուցումին իր մատուցած ծառայութեանց համար։
Երիտասարդ դաշնակահարուհի Անի Կազէր-Ղազէրեան կը շարունակէ իր փայլուն յաջողութիւնները։ Վերջերս, նուագահանդէս մը տալու հրաւիրուած է Լոզան։ Այդ առթիւ, «Կազէթ տը Լոզան» գրած է թէ՝ «թուրք դաշնակահարուհին» շատ արժէքաւոր թեքնիկ մը ունի մանաւանդ Պարթոքի եւ Փրոքոֆիէվի կտրոներուն մէջ։ Աւելի տկար կը գտնէ Պախի գործերուն մէջ։