Երեւան նկարատետրը կը պարունակէ գունաւոր 34 նկարներ, որոնց իւրաքանչիւրին ետեւ բացատրութիւններ գրուած են, հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն լեզուներով։

Նկարատետրի կողքին վրայ, ազգային դիւցազներգութեան անմահ հերոս Սասունցի Դաւիթի արձանին նկարը կայ։

Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը՝ հրամա նագրով քաղաքներու շարքին դասած է Ալավերդի, Արարատ, Արթիկ, Կամօ եւՀրազդան՝ Շամշատինի շրջանի Բերդ գիւղը, ինչպէս նաեւ Ապարան եւ Մարտունի գիւղերը։

Երեւան թերթին մէջ սեւ գոյներով կը ներկա-  յացուի հիւանդանոցներու վիճակը Երեւանի մէջ։ Քննութիւն մը բացուած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու եւ դարմանատուներու մէջ ու տեսնուած.- Առաջին՝ ճերմակեղէններ փռուած են հիւանդներու սենեակներուն մէջ, երկրորդ՝ բոլոր բաժանմունքներուն մէջ, չնչին բացառութեամբ, աչքի կը զարնէ հակառողջական վիճակը, երրորդ՝ դեղերը ընդմիջումներով կը ստացուին, չկան անհրաժեշտ պիտոյքներ ... երբ հիւանդը վիրահատութենէ ելած ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի, փենիսիլին չկայ, մինչեւ իսկ վիրակապեր եւ այսպէս, ուրիշ հիւանդանոցներու մէջ։

Շամլուղի հանքը գոյացած է 160 միլիոն տարի առաջ։ Այս եզրակացութեան եկած է Երկրաբանութեան հիմնարկութեան երկրաբանական տարիքը որոշող տարրալուծարանը որ  ճշդած է Հայաստանի 500 հանքերու տարիքը։

Հասկնալի պատճառներով հատ ու կենտ բողոքագիրներ կը տպուին Հայաստանի մամուլին մէջ, օտար բառերու եւտարազներու անհարկի գործածութեան դէմ։ Ոմն Կ. Մանուկեան ծիծաղելի եւ վրդովեցուցիչ կը գտնէ «Էքիլիպրիստ», «Էկզոտիկ», «Էքսանթրիք», «Փարոթիստ» եւ անոր նման օտար բառերու գործածութիւնը Երեւանի կրկէսի յայտագրին մէջ։ Բոլորին հասկնալի եւ հարազատ բառերը ունինք հայերէնի մէջ, կ'եզրակացնէ Կ. Մանուկեան։